Հայ եկեղեցին լայն տեղ տուած է պահքի օրերուն։ Փաստօրէն, պահքը, ապաշխարութիւնն ու աղօթական կեանքը քրիստոնէական ապրելակերպին առանցքը կը կազմեն, որովհետեւ պահքով ու ապաշխարութեամբ կարելի է Աստուածային պատկերին վերադառնալ եւ հեռանալ մեղքէն։
Պահեցողութիւնը հաւատքի արտայայտութիւն մըն է. քրիստոնեայ անհատը իր հաւատքի կեանքին մէջ կը զօրանայ պահքին սահմանափակող ու սպառող պայմաններով։ Պահքը ունի նաեւ իմաստային երես մը, այսինքն՝ իւրաքանչիւր պահքի շրջան կամ օր ունի Աստուածաշնչական հիմք։
Արդ, ինչո՞ւ Չորեքշաբթի եւ Ուրբաթ օրերը շեշտուած են որպէս պահքի օրեր։
Ըստ աւանդութեան, Չորեքշաբթին Աստուածամօր աւետման օրն է։ Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետ Չորեքշաբթի օրուան յատուկ շարականին մէջ կը խօսի Ս. Կոյսին աւետման մասին: Յուդան՝ մատնիչը, Չորեքշաբթի կ՚որոշէ Յիսուսը մատնել. ան նոյն օրը կը հանդիպի քահանայապետերուն եւ կը համաձայնի արծաթի փոխարէն մատնել Տէրը: Հետեւաբար, տարուան բոլոր Չորեքշաբթի օրերը պահեցողութիւն կը թելադրէ հայ եկեղեցին, բացի Յինանց (Ս. Յարութեան օրէն մինչեւ Հոգեգալուստ երկարող 50 օրերը) շրջանին հանդիպող Չորեքշաբթի օրերէն:
Իսկ Ուրբաթ օրուան օրապահքը յիշատակութիւնն է Յիսուս Քրիստոսի խաչելութեան: Ուստի, տարուան բոլոր Ուրբաթ օրերը եկեղեցին պահեցողութիւն կը թելադրէ հաւատացեալներուն՝ բացի Յինանց շրջանի Ուրբաթ օրերէն։