ԱՊԱՇԽԱՐՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐԱԿԱՆՆԵՐ

Ի՞նչ կը նշանակէ շարական եւ ե՞րբ ծագում առած է ան: Հայ լեզուի բացատրական բառարաններու համաձայն շարական կը նշանակէ եկեղեցական արարողութեան ընթացքին երգուած հոգեւոր երգեր, որոնք նաեւ կը կոչուին կանոն: Հայ լեզուին մէջ շարական բառը մուտք գործած է 12-րդ դարուն, Ներսէս Շնորհալի Հայրապետին կողմէ: Շարականը նախապէս կը կոչուէր հոգեւոր երգ կամ օրհներգութիւն։ Հոգեւոր երգերու կամ բանաստեղծութիւններու…