Ի՞նչ կը նշանակէ շարական եւ ե՞րբ ծագում առած է ան:
Հայ լեզուի բացատրական բառարաններու համաձայն շարական կը նշանակէ եկեղեցական արարողութեան ընթացքին երգուած հոգեւոր երգեր, որոնք նաեւ կը կոչուին կանոն:
Հայ լեզուին մէջ շարական բառը մուտք գործած է 12-րդ դարուն, Ներսէս Շնորհալի Հայրապետին կողմէ: Շարականը նախապէս կը կոչուէր հոգեւոր երգ կամ օրհներգութիւն։
Հոգեւոր երգերու կամ բանաստեղծութիւններու սկզբնաւորութիւնը կարելի է համարել Դաւիթ մարգարէի ժամանակահատուածը, ուր զանազան օրհներգութիւններով (Սաղմոսներով) ժողովուրդը կը փառաբանէր զԱստուած: Նոյնիսկ կարելի է օրհներգութիւններ տեսնել Մովսէս մարգարէի օրերուն։ Անոնք երբ Կարմիր ծովը ճեղքելով խոստացեալ երկիր կ՚ուղղուին Մովսէսի քոյրը կ՚արտասանէ օրհներգութիւն մը, որ նմանութիւն մը ունի Ս. Մարիամ Աստուածամօր արտասանած օրհներգութեան: Սակայն, բազմաթիւ բանասէրներու համաձայն հայ շարականը սկիզբ առած է 5-րդ դարուն, գիրերու գիւտէն ետք:
Մեզի հասած հնագոյն շարականները եղած են ապաշխարութեան նուիրուած շարականները, որոնք մեծամասնութեամբ վերագրուած են Ս. Մեսրոպ Մաշտոցին:
Ապաշխարութեան շարականները կամ կանոնները, ինչպէս միւս շարականները, թիւով ութ են: Անոնք արձանագրուած են ցաւագին հոգիէ բղխած զգացումներով: Ապաշխարութեան շարականներուն ներշնչման աղբիւրը կը հանդիսանայ Դաւիթ մարգարէի 50-րդ սաղմոսը, ուր մարգարէն ապաշխարութեան ամբողջական պատկեր մը կը պարզէ ընթերցողին՝ ներկայացնելով մեղքի մէջ ինկած մարդուն հոգեկան չարչրկումը: Նկատի ունենալով 5-րդ դարու լեզուական մտահոգութիւններն ու աւետարանչական նպատակները, Ապաշխարութեան շարականները գրուած են պարզ ու յստակ լեզուով: Անոնք ունին նաեւ դիւրին եղանակներ:
Ապաշխարութեան շարանները կ՚երգուին պահոց օրերուն։ Այս շարականներէն քաղուած հատուածներով կը կազմուին այլ շարականներ եւ աղօթքներ, որոնք կը ճոխացնեն եկեղեցական արարողութիւնները:
Ստորեւ Ապաշխարութեան շարականներէն հատուածներ՝
***
Թող որ ապաշխարութեան ոգին միշտ վառ մնայ մեր կեանքէն ներս, որպէսզի մաքուր խղճով ու անբիծ ոգիով ներկայանանք Տիրոջ ահեղ դատաստանին: