ԱՍԻՈՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԳՈՐԾԱԴԻՐ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԺՈՂՈՎԻՆ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԹԵՀՐԱՆԻ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԵԼՈՎ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ

16-19 Յուլիս 2019-ին, Ասիոյ Եկեղեցիներու Խորհուրդի Գործադիր Վարչութիւնը իր տարեկան հերթական ժողովը գումարեց Քամպոտիոյ մայրաքաղաք Փնոմ-Փէնի մէջ:   Ասիոյ Եկեղեցիներու Խորհուրդը կ՚ընդգրկէ Ասիոյ բոլոր եկեղեցիները, որոնք կը գործեն աւելի քան 27 երկիրներու մէջ, ներառեալ Իրանը: Իրանի հայոց եկեղեցին 2010 թուականի Ապրիլ ամիսէն սկսեալ մաս կը կազմէ այս խորհուրդին եւ իր գործօն մասնակցութիւնը կը բերէ անոր…