Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ Կ՚ՈՂՋՈՒՆԷ «Ի ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԻՒՆ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔՆԵՐՈՒՆ» ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԷՋ ԿԱՏԱՐՈՒԱԾ ԱՇԽԱՏԱՆՔԸ

Հինգշաբթի, 18 Յուլիս 2019-ի առաւօտուն, «Ի Պաշտպանութիւն Միջին Արեւելքի Քրիստոնեայ Համայնքներուն» խմբաւորումի ատենապետ Թուֆիք Պաաքլինիի ուղղած խօսքին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց յիշեալ կազմակերպութեան կողմէ կատարուած աշխատանքները՝ ի նպաստ Միջին Արեւելքի քրիստոնէութեան։   Յայտնենք, որ երէկ՝ Չորեքշաբթի, 17 Յուլիս 2019-ին, նոյն կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու քոնկրէսին  մէջ տեղի ունեցաւ աղօթքի հանդիպում մը, որուն յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութան մասնակցեցան Արեւելեան հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեան եւ Արեւմտեան հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան։   Նոյն օրը երեկոյեան, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութեան կազմակերպութեամբ միօրեայ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ խղճի ազատութեան առնչուած։   Վեհափառ Հայրապետը անձնապէս հրաւիրուած էր մասնակցելու յիշեալ երկու հաւաքներուն։   Նշենք, որ «Ի Պաշտպանութիւն Միջին…