«ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒՆ ՄԻՋԵՒ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆ Է ՆԵՐԿԱՅ ԱՇԽԱՐՀԻՆ ՄԷՋ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Ուրբաթ, 12 Յուլիս 2019-ի երեկոյեան, Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ Վեհափառ Հայրապետը դասախօսութիւն մը տուաւ «Եկեղեցին ներկայ աշխարհին մէջ» նիւթին շուրջ։ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու երիտասարդ ներկայացուցիչները, շուրջ 50 անձերէ բաղկացած, իրենց դասախօսներով եկած էին լսելու Վեհափառ Հայրապետը: Անոնք երկու շաբաթներու վրայ երկարաձգուած խտացեալ յատուկ աստուածաբանական դասընթացքի հետեւելու եկած էին Լիբանան՝ զանազան երկիրներէ:   Նորին Սրբութիւնը նախ…