Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԿՈՂՄԷ ԲՌՆԱԳՐԱՒԵԱԼ ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԿԻՊՐՈՍԻ ՄԷՋ ԳՏՆՈՒՈՂ Ս. ՄԱԿԱՐԱՅ ՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Ուրբաթ, 28 Յունիս 2019 թուականը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին կեանքին մէջ իւրայատուկ նշանակութիւն ունեցող օր մը դարձաւ, երբ Վեհափառ Հայրապետը, ամէն տեսակ դժուարութիւն յանձն առնելով, անցաւ Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւեալ հիւսիսային Կիպրոս՝ այցելելու համար մեր ժողովուրդին ու եկեղեցւոյ կեանքին մէջ յատուկ կարեւորութիւն ունեցող հոգեւոր կեդրոնները։   Վեհափառ Հայրապետը, ընկերակցութեամբ Կիպրոսի թեմի Կաթողիկոսական փոխանորդ Գերշ. Տ. Խորէն…