11 July, 2019

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԿՈՂՄԷ ԲՌՆԱԳՐԱՒԵԱԼ ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԿԻՊՐՈՍԻ ՄԷՋ ԳՏՆՈՒՈՂ Ս. ՄԱԿԱՐԱՅ ՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Ուրբաթ, 28 Յունիս 2019 թուականը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին կեանքին մէջ իւրայատուկ նշանակութիւն ունեցող օր մը դարձաւ, երբ Վեհափառ Հայրապետը, ամէն տեսակ դժուարութիւն յանձն առնելով, անցաւ Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւեալ հիւսիսային Կիպրոս՝ այցելելու համար մեր ժողովուրդին ու եկեղեցւոյ կեանքին մէջ յատուկ կարեւորութիւն ունեցող հոգեւոր կեդրոնները։

 

Վեհափառ Հայրապետը, ընկերակցութեամբ Կիպրոսի թեմի Կաթողիկոսական փոխանորդ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեանի եւ Կիպրոսի հայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանի, այցելեց Նիկոսիոյ թրքական բաժինին մէջ գտնուող Ս. Աստուածածին եկեղեցին, նոյն շրջափակին մէջ գտնուող Ազգային Առաջնորդարանը եւ Մելիքեան-Ուզունեան դպրոցը։ Թրքական ներկայութիւնը զգալի էր ընդհանարապէս հայկական թաղամաս դարձած շրջանէն եւ եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս։

 

Ապա, Վեհափառ Հայրապետը ուղղուեցաւ շուրջ ժամ մը անդին գտնուող Ս. Մակարայ Վանք։ Ժ. դարուն պատկանող յիշեալ վանքը հաստատուած է Հալեվկա նահանգին ծայրամասը, Փենտաքթիլոս լեռներու լանջին՝ պատմական Կիլիկիոյ դիմացը։ Աւելի քան 12 Քմ2 լեռնալանջէն մինչեւ ծովեզերք տարածութիւն ունեցող գեղեցիկ բնութեան ծոցին գտնուող Ս. Մակարայ Վանքը եղած է հոգեմտաւոր մշակոյթի կեդրոն՝ հարուստ ձեռագիրներով, իգոններով ու սրբապատկերներով։ 1974-ին Կիպրոսի վրայ կատարուած թրքական յարձակումին որպէս հետեւանք, Ս. Մակարայ Վանքը ո՛չ միայն գրաւուած է թրքական բանակին կողմէ, այլ նաեւ քանդուած, աւերուած ու թալանուած է։ Վանքը, որ դարձած է դարեր շարունակ ուխտագնացութիւններու կեդրոն, այսօր կը գտնուի կիսաքանդ վիճակի մէջ՝ ամայութեան գիրկը ծուարած։

 

Նորին Սրբութիւնը յուզումով շրջեցաւ կիսափուլ վանքին մէջ՝ մօտէն ծանօթանալով վանականներու խուցերուն, ձեռագրատան, մատրան եւ վանական այլ բաժանմունքերուն։ Արդարեւ, Ս. Մակարայ Վանքէն ներս պարզուած տեսարանը չի կարօտիր մեկնաբանութեան։ Ան պերճախօս վկայութիւն մըն է, որ թուրքը անցած է, ինչպէս Կիլիկիոյ ու Արեւմտեան Հայաստանի մեր վանքերէն, եկեղեցիներէն ու հողերէն, նաեւ Ս. Մակարայ վանքէն…

More News