Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՌԱՄԱԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ

Ուրբաթ, 5 Յուլիս 2019-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ, հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Վեհափառ Հայրապետին եւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Գերագոյն Խորհուրդի ներկայացուցիչներուն միջեւ: Գերագոյն խորհուրդի կազմէն ներկայ էին՝ Երուանդ Ազատեան, Յակոբ Վարդիվառեան, Դոկտ. Հրաչ գույումճեան եւ Արտաւազդ Մելքիսեդեկեան:   Շուրջ երկու ժամ տեւող հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ արծարծելու Հայաստանը, Սփիւռքը եւ ընդհանրապէս մեր ազգը յուզող ներկայ…