Ուրբաթ, 5 Յուլիս 2019-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ, հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Վեհափառ Հայրապետին եւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Գերագոյն Խորհուրդի ներկայացուցիչներուն միջեւ: Գերագոյն խորհուրդի կազմէն ներկայ էին՝ Երուանդ Ազատեան, Յակոբ Վարդիվառեան, Դոկտ. Հրաչ գույումճեան եւ Արտաւազդ Մելքիսեդեկեան:
Շուրջ երկու ժամ տեւող հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ արծարծելու Հայաստանը, Սփիւռքը եւ ընդհանրապէս մեր ազգը յուզող ներկայ հարցերն ու տագնապները մասին:
Յայտնենք, որ Երուանդ Ազատեան եւ Յակոբ Վարդիվառեան նաեւ իրենց մասնակցութիւնը բերին Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս, Նորին Սրբութեան նախաձեռնութեամբ ու նախագահութեամբ տեղի ունեցած հայ մամուլի համահայկական համագումարին: