ՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԻ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒԱՐԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԻՐ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐԸ

Հայ Մամուլի Համահայկական Համագումարը իր աշխատանքները շարունակեց 3 Յուլիս 2019-ին, առաւօտեան ժամը 9։30-ին, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին։   Համագումարի Ե. նիստին նիւթն էր «Տեղեկատուական անվտանգութիւնը եւ լրատուութեան հաւաստիութիւնը»։ Նիստին ատենապետն Արա Պուլուզեան հակիրճ տողերով ներկայացուց նիւթը ու դիտել տուաւ, թէ տեղեկատուութիւնը զէնք է, որ կարելի է օգտագործել քաղաքական, ազգային եւ տարբեր նպատակներով եւս՝ միշտ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՑԱՒԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ԱՄԷ-Ի ՇԱՐԺԱՅԻ ՇԷՅԽԻՆ

    Չորեքշաբթի, 3 Յուլիս 2019-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ցաւակցագիր նամակ մը յղեց Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց Շարժայի Շէյխ Սուլթան Պըն Մուհամմատ Ալ-Քասիմին` յայտնելով իր խորազգաց ցաւակցութիւնը անոր որդւոյն` Խալետ Պըն Սուլթան Ալ-Քասիմին մահուան առիթով։   Ցաւակցագիրին մէջ Նորին Սրբութիւնը ցաւ յայտնեց երիտասարդ տարիքին անակնկալ կերպով հեռացած տաղանդաւոր Ալ-Քասեմի մահուան համար՝ աղօթելով, որ Աստուած օրհնէ…