Չորեքշաբթի, 3 Յուլիս 2019-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ցաւակցագիր նամակ մը յղեց Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց Շարժայի Շէյխ Սուլթան Պըն Մուհամմատ Ալ-Քասիմին` յայտնելով իր խորազգաց ցաւակցութիւնը անոր որդւոյն` Խալետ Պըն Սուլթան Ալ-Քասիմին մահուան առիթով։
Ցաւակցագիրին մէջ Նորին Սրբութիւնը ցաւ յայտնեց երիտասարդ տարիքին անակնկալ կերպով հեռացած տաղանդաւոր Ալ-Քասեմի մահուան համար՝ աղօթելով, որ Աստուած օրհնէ եւ զօրացնէ անոր ընտանեկան պարագաները։