ԱՆՆԱԽԱԴԷՊ ՀԱՅ ՊԱՐԻ ԵՐԵԿՈՅ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՎԱՆՔԻ ՇՐՋԱՓԱԿԻՆ ՄԷՋ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուական Բաժանմունքին կազմակերպութեամբ, Երեքշաբթի, 2 Յուլիս 2019-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի շրջափակը նոր շունչով տրոփեց իր ազգային ու հոգեւոր առաքելութիւնը, որովհետեւ իր շուրջ համախմբեց լիբանանահայ երեք մշակութային միութիւններու պարախումբերը՝ բան մը որ աննախադէպ էր։ Նոր Սերունդ մշակութային միութեան «Արեգ», Համազգայինի «Քնար» եւ Հ.Բ.Ը.Մ.-Հ.Ե.Ը.-ի «Արին» պարախումբերու պատանի եւ…