ԱՆՆԱԽԱԴԷՊ ՀԱՅ ՊԱՐԻ ԵՐԵԿՈՅ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՎԱՆՔԻ ՇՐՋԱՓԱԿԻՆ ՄԷՋ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուական Բաժանմունքին կազմակերպութեամբ, Երեքշաբթի, 2 Յուլիս 2019-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի շրջափակը նոր շունչով տրոփեց իր ազգային ու հոգեւոր առաքելութիւնը, որովհետեւ իր շուրջ համախմբեց լիբանանահայ երեք մշակութային միութիւններու պարախումբերը՝ բան մը որ աննախադէպ էր։

 

Նոր Սերունդ մշակութային միութեան «Արեգ», Համազգայինի «Քնար» եւ Հ.Բ.Ը.Մ.-Հ.Ե.Ը.-ի «Արին» պարախումբերու պատանի եւ երիտասարդ պարողները՝ հայ մշակոյթի ջահակիրները, հոն հաւաքուած Հայ Մամուլի Համահայկական Համաժողովին մասնակիցներուն, ինչպէս նաեւ մշակութասէր հանրութեան հրամցուցին փունջ մը հայկական աւանդական պարեր։ Ձեռնարկին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը կողքին ներկայ էին նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան Վարչապետի Տիկին Աննա Յակոբեանը եւ Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբեկեանը։

 

Ելոյթներու աւարտին, երեք պարախումբերը միասնաբար ներկայայացուցին միացեալ պար մը, որուն խանդավառութեան արդիւնքով, ժողովուրդը միացաւ անոնց ու հայ ժողովուրդին վերածնունդը խորհրդանշող յուշարձանի «լանջին» պարեց եւ անգամ մը եւս հայ եկեղեցւոյ հովանիին ներքեւ ցնծաց հայ մշակոյթն ու արուեստը։