«ՆԵՐԴԱՇՆԱԿ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՍԵՐՏ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԳԱՂՈՒԹԻ ՄԸ ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՆ ՃԱՄԲԱՆ Է» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
Կիպրոս կատարած իր միօրեայ այցելութեան ծիրին մէջ, Ուրբաթ, 28 Յունիս 2019-ի երեկոյեան, Վեհափառ Հայրապետը նախագահեց Երեսփոխանական, Ազգային Վարչութեան ու Կրօնական ժողովներու միացեալ նիստին։ Նորին Սրբութիւնը նախ լսեց սրբազան հօր եւ երկու մարմիններու ատենապետերուն կողմէ ներկայացուած զեկոյցները եւ մօտէն իրազեկ դարձաւ թեմին կողմէ կատարուող աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ թեմին դիմագրաւած մտահոգութիւններուն ու մարտահրաւէրներուն։ Հայրապետը իր…