ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԵՒ ԿԻՊՐՈՍԻ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏԻՆ ՄԻՋԵՒ

Ուրբաթ, 28 Յունիս 2019-ին, Նիկոսիոյ Արքեպիսկոպոսարանին մէջ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Վեհափառ Հայրապետին եւ Կիպրոսի ուղղափառ եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Խրիսոսթոմոս Բ. Արքեպիսկոպոսին միջեւ։ Նորին Սրբութեան կողքին հանդիպումին ներկայ էին Կիպրոսի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեան, հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի, Կիպրոսի հայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեան եւ Հայրապետին գաւազանակիր Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Բանճարճեան։

 

Եղբայրական ջերմ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ անդրադառնալու ընդհանրապէս հայ եւ Կիպրոսի ուղղափառ եկեղեցւոյ միջեւ գոյութիւն ունեցող միջ-եկեղեցական գործակցութեան, ինչպէս նաեւ երկու հոգեւոր պետերուն միջեւ երկար տարիներու եղբայրական սիրոյ ամրապնդման։

 

Երկու հոգեւոր պետերը նաեւ անդրադարձան ընդհանրապէս միջ-եկեղեցկան աշխարհը ու մասնաւորաբար ուղղափառ եկեղեցիներու երկու ընտանիքները յուզող շարք մը հարցերու ու շեշտեցին յիշեալ երկու ընտանիքներու միջեւ գործակցութիւնը ծաւալելու հրամայականը։ Վեհափառ Հայրապետը այս առիթով իր գնահատանքը յայտնեց Արքեպիսկոպոսին Կիպրոսի հայ համայնքին նկատմամբ իր ցուցաբերած հայրական սիրոյն ու գործակցութեան համար։