Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԵԱՆ ՏՆՕՐԷՆԸ ԵՒ ՀԱՒԱՏԱՑԵԱԼՆԵՐ ՖՐԱՆՍԱՅԷՆ

ա. Երեքշաբթի, 18 Յունիս 2019-ին, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքի Վեհարանին մէջ, իր աշխատանքային հանդիպումներու ծիրին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Գարակէօզեան բարեսիրական հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեանին: Ան տեղեակ պահեց Նորին Սրբութիւնը հաստատութեան բարեսիրական, ընկերային ու առողջապահական գործունէութեան, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին: Վեհափառ Հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց մօտէն իմանալով հաստատութեան հետզհետէ ծաւալող աշխատանքը հայահոծ շրջաններէն…

ՆՈՐԸՆԾԱՅ ԱԲԵՂԱՆԵՐՈՒՆ ՔԱՌԱՍՆՕՐԵԱՅ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ՕՐԸ

Հայ Եկեղեցւոյ դարաւոր աւանդութեան համաձայն, քահանայական ձեռնադրութենէն եւ օծումէն անմիջապէս ետք, ձեռնադրեալը հետեւելով Քրիստոսի օրինակին Քառասնօրեայ պահեցողութեան շրջան մը կը բոլորէ իր հոգեւոր առաքելութեան սկսելէ առաջ:   Երկուշաբթի, 17 Յունիս 2019-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս իր մօտ հրաւիրեց նորընծաները՝ Հոգշ. Տ. Սարգիս Աբղ. Աբրահամեանը, Հոգշ. Տ. Գէորգ Աբղ. Գարակէօզեանը եւ Հոգշ. Տ. Յակոբ Աբղ. Եագուպեանը։…