18 Հունիսի, 2019

ՆՈՐԸՆԾԱՅ ԱԲԵՂԱՆԵՐՈՒՆ ՔԱՌԱՍՆՕՐԵԱՅ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ՕՐԸ

Հայ Եկեղեցւոյ դարաւոր աւանդութեան համաձայն, քահանայական ձեռնադրութենէն եւ օծումէն անմիջապէս ետք, ձեռնադրեալը հետեւելով Քրիստոսի օրինակին Քառասնօրեայ պահեցողութեան շրջան մը կը բոլորէ իր հոգեւոր առաքելութեան սկսելէ առաջ:

 

Երկուշաբթի, 17 Յունիս 2019-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս իր մօտ հրաւիրեց նորընծաները՝ Հոգշ. Տ. Սարգիս Աբղ. Աբրահամեանը, Հոգշ. Տ. Գէորգ Աբղ. Գարակէօզեանը եւ Հոգշ. Տ. Յակոբ Աբղ. Եագուպեանը։ Հայրապետը նորընծաներուն խօսեցաւ հոգեւորականի կոչումին, աղօթական կեանքին եւ առաքելութեան հրամայականին մասին: Ան նաեւ անդրադարձաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբանութեան առաքելութեան՝ շեշտելով հաւատարմութեան, աշխատասիրութեան եւ հնազանդութեան կարեւորութիւնը: Նորին Սրբութիւնը նաեւ թելադրեց որոշ գիրքերու ընթերցումը քառասնօրեայ պահեցողութեան շրջանին, բնականաբար Աստուածաշունչ Մատեանը, Նարեկ աղօթամատեանը եւ Մաշտոցը։

More News