ԱՐՄԵՆՈՖԱՍ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ԵՐԿՈՒ ԱՆԴԱՄՆԵՐ ԿԸ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒԻՆ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ «ԿԻԼԻԿԵԱՆ ԱՍՊԵՏ»Ի ՇՔԱՆՇԱՆՈՎ
Կիրակի, 26 Մայիս 2019-ին, յետ Ս. եւ Անմահ Պատարագին, Վեհարանի դահլիճին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Արմենոֆաս հիմնադրամի յանձնախումբի անդամներէն Վերապատուելի Ռուտոլֆ Ռէնֆէրն ու փաստաբան Ֆրանսուա Փայօն պարգեւատրեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկեան Ասպետ»ի շքանշանով։ Ձեռնարկին խօսք առաւ Արմենոֆաս-ի ատենապետ փրոֆ. Թենի Սիմոնեան։ Ան ընդհանուր ակնարկով մը ներկայացուց պատմականը Արմենոֆաս-ին, որ շարունակութիւնն է Ցեղասպանութեան…