27 Մայիսի, 2019

ԱՐՄԵՆՈՖԱՍ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ԵՐԿՈՒ ԱՆԴԱՄՆԵՐ ԿԸ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒԻՆ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ «ԿԻԼԻԿԵԱՆ ԱՍՊԵՏ»Ի ՇՔԱՆՇԱՆՈՎ

Կիրակի, 26 Մայիս 2019-ին, յետ Ս. եւ Անմահ Պատարագին, Վեհարանի դահլիճին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Արմենոֆաս հիմնադրամի յանձնախումբի անդամներէն Վերապատուելի Ռուտոլֆ Ռէնֆէրն ու փաստաբան Ֆրանսուա Փայօն պարգեւատրեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկեան Ասպետ»ի շքանշանով։

 

Ձեռնարկին խօսք առաւ Արմենոֆաս-ի ատենապետ փրոֆ. Թենի Սիմոնեան։ Ան ընդհանուր ակնարկով մը ներկայացուց պատմականը Արմենոֆաս-ին, որ շարունակութիւնն է Ցեղասպանութեան շրջանին  Զուիցերիոյ եկեղեցիներուն եւ ժողովուրդին կատարած մարդասիրական օժանդակութեան եւ հայ ժողովուրդին իրաւունքներուն նկատմամբ ցուցաբերած զօրակցութեան։

 

Ապա, Վեհափառ Հայրապետը, իր կարգին, շեշտեց Արմենոֆաս-ի խորհրդանշական դերը իբրեւ շօշափելի արտայայտութիւն անցեալէն եկող հայ-զուիցերիական բարեկամութեան։ Այս ծիրէն ներս Նորին Սրբութիւնը յիշեցուց, թէ իւրայատուկ գործակցութիւն մը գոյութիւն ունի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Զուիցերիոյ եկեղեցիներուն միջեւ։

 

Իր խօսքի աւարտին, Նորին Սրբութիւնը յիշեց երկու անուններ՝ փաստաբան Ֆրանսուա Փայօ եւ Վերապատուելի Ռուտոլֆ Ռէնֆէր, որոնք աւելի քան 40 տարիներ Արմենոֆաս-ի ճամբով գործած են ի նպաստ հայ ժողովուրդին, եւ որպէս սիրոյ ու գնահատանքի արտայայտութիւն Հայրապետը յիշեալ երկու զուիցերիացիները պարգեւատրեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկեան Ասպետ»ի շքանշանով։

More News