Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՅՑԵԼԵՑ ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԴԵՍՊԱՆԱՏՈՒՆ
Երեքշաբթի, 14 Մայիս 2019-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, իր գլխաւորած պատուիրակութեամբ, Սուրիոյ Նախագահին եւ Հանրապետութեան Միւֆթիին հետ ունեցած հանդիպումներէն ետք, այցելեց Դամասկոսի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատուն, ուր դիմաւորուեցաւ դեսպան Տիգրան Գէորգեանի եւ դասպանատան աշխատակազմին կողմէ։ Դեսպանը ջերմօրէն ողջունեց Վեհափառ Հայրապետին այցելութիւնը եւ իր շնորհակալութիւնը Հայրապետին, որ հակառակ Դամասկոս կատարած իր կարճատեւ այցելութեան,…