Երեքշաբթի, 14 Մայիս 2019-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, իր գլխաւորած պատուիրակութեամբ, Սուրիոյ Նախագահին եւ Հանրապետութեան Միւֆթիին հետ ունեցած հանդիպումներէն ետք, այցելեց Դամասկոսի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատուն, ուր դիմաւորուեցաւ դեսպան Տիգրան Գէորգեանի եւ դասպանատան աշխատակազմին կողմէ։
Դեսպանը ջերմօրէն ողջունեց Վեհափառ Հայրապետին այցելութիւնը եւ իր շնորհակալութիւնը Հայրապետին, որ հակառակ Դամասկոս կատարած իր կարճատեւ այցելութեան, առիթը ունեցած էր այցելելու նաեւ դեսպանատուն եւ մօտէն հետաքրքրուելու անոր կատարած աշխատանքներով։
Նորին Սրբութիւնը իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ կը գտնուի հայկական հողի վրայ եւ բարձր գնահատեց դեսպանատան կատարած գործունէութիւնը, յատկապէս սուրիական տագնապի շրջանին Դամասկոսի դեսպանատան ու Հալէպի հիւպատոսարանին կողմէ ցուցաբերուած հոգատարութիւնը ընդհանրապէս Սուրիոյ ժողովուրդին եւ յատկապէս հայ համայնքին նկատմամբ։ Վեհափառ Հայրապետը այս առիթով վերահաստատեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան զօրակցութիւնը Սփիւռքի մէջ գործող բոլոր հայկական դեսպանատուներուն աշխատանքներուն։
Յայտնենք, որ Դամասկոս կատարած իր միօրեայ այցելութեան ընթացքին, Արամ Ա. Կաթողիկոս հանդիպում մը ունեցաւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն հետ։ Ան իր հայրական օրհնութիւնը փոխանցեց անոնց, գնահատեց անոնց ամուր կառչածութիւնը իրենց տուներուն ու գործատեղիներուն՝ հակառակ երկրէն ներս ստեղծուած տագնապալից օրերուն եւ կոչ ուղղեց համայնքի բոլոր զաւակներուն իրենց ներքին միասնականութիւնը աւելի ամրապնդելու։