Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԱՆԴԻՊԵՑԱՒ ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՄԻՒՖԹԻԻՆ
Երեքշաբթի, 14 Մայիս 2019-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, իր պատուիրակութեամբ, այցելութիւն մը տուաւ Սուրիոյ Հանրապետութեան Միւֆթիին Դոկտ.Ահմատ Պատր Էլ-Տին Հասսունին։ Մօտէն ճանչցած ըլլալով Հանրապետութեան Միւֆթին մտերմիկ զրոյց մը տեղի ունեցաւ երկու հոգեւոր պետերուն միջեւ՝ Սուրիոյ այժմու կացութեան, քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան ու գործակցութեան, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ հայ համայնքին առնչուած նիւթերու շուրջ։ Վեհափառ Հայրապետը…