Երեքշաբթի, 14 Մայիս 2019-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, իր պատուիրակութեամբ, այցելութիւն մը տուաւ Սուրիոյ Հանրապետութեան Միւֆթիին Դոկտ.Ահմատ Պատր Էլ-Տին Հասսունին։
Մօտէն ճանչցած ըլլալով Հանրապետութեան Միւֆթին մտերմիկ զրոյց մը տեղի ունեցաւ երկու հոգեւոր պետերուն միջեւ՝ Սուրիոյ այժմու կացութեան, քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան ու գործակցութեան, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ հայ համայնքին առնչուած նիւթերու շուրջ։
Վեհափառ Հայրապետը կարեւորութեամբ շեշտեց երկրէն ներս համայնքներու միջեւ գործակցութիւնը ծաւալելու հրամայականը, որպէս երաշխիք ու մղիչ ոյժ ապահովութեան հաստատման ու առկայ հարցերու լուծման։ Ան յիշեցուց, որ ներկայ աշխարհին մէջ կրօններու, մշակոյթներու ու ցեղերու խաղաղ գոյակցութիւնը անհրաժեշտութիւն է եւ այդ գծով կրօնները կարեւոր դեր ունին կատարելիք։
Հանրապետութեան Միւֆթի յիշեց Նորին Սրբութեան հետ ունեցած իր հանդիպումները, անոր տուած դասախօսութիւնը Դամասկոսի համալսարանին մէջ եւ Հայրապետին կատարած կարեւոր դերը յատկապէս քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան գծով։ Իր կարգին, ան իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց առաւել աշխուժութեամբ շարունակելու քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութիւնը։ Բարձր յարգանքով խօսեցաւ Սուրիոյ հայ համայնքին մասին՝ զայն նկատելով երկրի կենսական բաղադրիչներէն մէկը։