Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԵԱՄԲ ԱԶԳԱՅԻՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ՈՒ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՆԵՐՈՒ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԻՍՏ
Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներուն ունեցած լիակատար եւ միօրեայ աշխատանքային հանդիպումներէն ետք, Հինգշաբթի, 9 Մայիս 2019-ին, Ազգ. Կեդր. Վարչութեան երկու ժողովներու միացեալ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Գործադիր Վարչութիւնը ներկայացնող Մարմինը (16 Կրօնական Ժողով, 16 Քաղաքական Ժողով) լայնօրէն քննարկեց Հայաստանի ու Արցախի Հանրապետութեանց հետ…