9 May, 2019

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԵԱՄԲ ԱԶԳԱՅԻՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ՈՒ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՆԵՐՈՒ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԻՍՏ

Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներուն ունեցած լիակատար եւ միօրեայ աշխատանքային հանդիպումներէն ետք, Հինգշաբթի, 9 Մայիս 2019-ին, Ազգ. Կեդր. Վարչութեան երկու ժողովներու միացեալ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին։

 

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Գործադիր Վարչութիւնը ներկայացնող Մարմինը (16 Կրօնական Ժողով, 16 Քաղաքական Ժողով) լայնօրէն քննարկեց Հայաստանի ու Արցախի Հանրապետութեանց հետ յարաբերութեանց, Ս. Էջմիածնի հետ գործակցութեան հետ կապ ունեցող հարցեր ու ծրագիրներ։ Ժողովը նաեւ իր օրակարգին վրայ ունէր թեմերու վերակազմակերպումի գործընթացքը եւ այս ծիրէն ներս կատարուած ու կատարուելիք աշխատանքները։ Յատուկ զեկոյցներ տրուեցան Ժողովին Սիսի Կաթողիկոսարանի դատին, Արցախի մէջ Կաթողիկոսարանին կողմէ հաստատուած «Նոր Կիլիկիա» գիւղին, Սուրիոյ հայութեան վերականգնումի աշխատանքներուն եւ Յուլիս ամսուան ընթացքին Կաթողիկոսարանէն ներս տեղի ունենալիք մամլոյ համահայկական համագումարին մասին։

 

Յիշեալ քննարկումներուն եզրակացութիւնը կատարելով, Նորին Սրբութիւնը յատուկ կարեւորութեամբ ընդգծեց հետեւեալ կէտերը.- ա) Անհրաժեշտ է ամրապնդել Հայրապետական երկու Աթոռներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող գործակցութիւնը եւ նոր մղում տալ Հայաստանի ու Արցախի հզօրացման նպաստող աշխատանքներուն ու ծրագիրներուն։ բ) Սփիւռքի վերակազմակերպումը եւ այդ ծիրէն ներս նաեւ թեմերու, իր զանազան երեսներով, անյետաձգելի անհրաժեշտութիւն մըն է։

 

Ապա, Նորին Սրբութիւնը իր գնահատանքը յայտնեց Կեդրոնական Վարչութեան եւ թեմերու առաջնորդներուն ու Ազգ. Իշխանութեանց կողմէ կատարուող եկեղեցանուէր ու ազգաշէն ծառայութեան համար։

 

Հանդիպումը վերջ գտաւ «Կիլիկիա» քայլերգին երգեցողութեամբ։

More News