ԱԶԳԱՅԻՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ ԼԻԱԿԱՏԱՐ ՆԻՍՏ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Երեքշաբթի, 7 Մայիս 2019-ին, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ կայացաւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական Ժողովի լիակատար նիստը, մասնակցութեամբ ժողովին վանաբնակ ու թեմերուն մէջ ծառայող միաբաններուն:   Բացման իր խօսքին մէջ Վեհափառ Հայրապետը կարեւորութեամբ շեշտեց հայ եկեղեցին վերանորոգման մնայուն ընթացքի մէջ դնելու հրամայականը, որպէսզի անոր առաքելութիւնը ու ծառայութիւնը դառնան աւելի կազմակերպ ու նպատակասլաց:…