Երեքշաբթի, 7 Մայիս 2019-ին, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ կայացաւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական Ժողովի լիակատար նիստը, մասնակցութեամբ ժողովին վանաբնակ ու թեմերուն մէջ ծառայող միաբաններուն:
Բացման իր խօսքին մէջ Վեհափառ Հայրապետը կարեւորութեամբ շեշտեց հայ եկեղեցին վերանորոգման մնայուն ընթացքի մէջ դնելու հրամայականը, որպէսզի անոր առաքելութիւնը ու ծառայութիւնը դառնան աւելի կազմակերպ ու նպատակասլաց: Եկեղեցին իր էութեամբ առաքելութիւն ըլլալով, ան կոչուած է իր դաւանած արժէքներուն ու աստուածատուր առաքելութեան լոյսին տակ ծառայական համապատասխան մօտեցումներ որդեգրելու՝ յարափոփոխ պայմաններու մէջ ապրող ու նորանոր մարտահրաւէրներով շրջապատուած մեր ժողովուրդի զաւակներուն:
Վեհափառ Հայրապետին խօսքէն ետք ժողովին երկու համա-ատենապետները՝ Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեան եւ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան յաջորդաբար վարեցին Կրօնական Ժողովի միօրեայ հանդիպումը: Ժողովը լայնօրէն քննարկեց իր օրակարգին վրայ գտնուող հետեւեալ նիւթերը.- Քրիստոնէական դաստիարակութիւն, երիտասարդութիւն, Հայ Կաթողիկէ եւ Հայ Աւետարանական եկեղեցիներուն հետ գործակցութիւն, միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական յարաբերութիւններ, Դպրեվանք, քահանայից պատրաստութիւն, ամառնային երիտասարդական սեմինար, ՀԱՍԿ պաշտօնաթերթ, ընկերաբարոյագիտական հարցեր, Աստուածաշունչի թարգմանութիւն ու հրատարակութիւն, տեղեկատուական ու հրատարակչական աշխատանքներ, Հայրապետական ու Հանրապետական մաղթանքներու վերամշակում եւ ծիսական հարցեր:
Յիշեալ հարցերուն գծով տրուեցան համապատասխան զեկոյցներ, կատարուեցան քննարկումներ, ճշդուեցան ուղեցոյցներ ու առնուեցան համապատասխան որոշումներ:
Իր փակման խօսքին մէջ Նորին Սրբութիւնը իր գնահատանքը յայտնեց կատարուած աշխատանքներուն ու ապա յատուկ կերպով շեշտեց թեմերու ճամբով Կրօնական Ժողովի աշխատանքները մեր ժողովուրդին տանելու անհրաժեշտութիւնը: Ան ըսաւ, որ ինչ որ եկեղեցին կը կատարէ զայն պէտք է կատարէ իր մղումը առնելով Աստուածաշունչէն, մեր եկեղեցւոյ հայրերու ուսուցումներէն եւ տանի մեր ժողովուրդին այնպիսի մօտեցումով ու շեշտաւորումով, որ համապատասխանէ ներկայ ժամանակներու մարտահրաւէրներուն ու մեր ժողովուրդի սպասումներուն: Մեր հոգեւոր ու բարոյական արժէքներու ներթափանցումը մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս անմիջական մտահոգութիւն մըն է. հայ ընտանիքին հայեցի պահպանումը եւ հայ դպրոցին հայակերտումի առաքելութեամբ վերակենսաւորումը մեր եկեղեցւոյ առաքելութեան մէջ առանցքային տեղ պէտք է գրաւեն, շեշտեց Հայրապետը:
Յայտնենք, թէ վաղը տեղի պիտի ունենայ Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի լիակատար նիստը՝ նախագահութեամբ Նորին Սրբութեան: