Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Ֆրանսայի Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի փոխ-նախագահ Տիար Միշէլ Բազումեան
Առաջին հերթին, Պրն. Բազումեան յիշեալ կառոյցի ատենապետ Տիար Պետրոս Թէրզեանին անունով զեկոյց մը տուաւ Վեհափառ Հայրապետին՝ Հիմնադրամին կատարած աշխատանքներուն Հայաստանի ու յատկապէս Արցախի մէջ։ Ապա ան անդրադարձաւ Սուրիոյ հայութեան Հիմնադրամին կատարած աջակցութեան եւ շեշտեց պատրաստակամութիւնը շարունակելու նպաստել Սուրիոյ հայութեան վերականգնումի աշխատանքներուն։ Վեհափառ Հայրապետը իր ջերմ գնահատանքը յայտնեց Հիմնադրամին ցուցաբերած գործնական զօրակցութեան Սուրիոյ հայութեան նկատմամբ։…