Առաջին հերթին, Պրն. Բազումեան յիշեալ կառոյցի ատենապետ Տիար Պետրոս Թէրզեանին անունով զեկոյց մը տուաւ Վեհափառ Հայրապետին՝ Հիմնադրամին կատարած աշխատանքներուն Հայաստանի ու յատկապէս Արցախի մէջ։ Ապա ան անդրադարձաւ Սուրիոյ հայութեան Հիմնադրամին կատարած աջակցութեան եւ շեշտեց պատրաստակամութիւնը շարունակելու նպաստել Սուրիոյ հայութեան վերականգնումի աշխատանքներուն։
Վեհափառ Հայրապետը իր ջերմ գնահատանքը յայտնեց Հիմնադրամին ցուցաբերած գործնական զօրակցութեան Սուրիոյ հայութեան նկատմամբ։ Ան յիշեցուց, որ անհրաժեշտ է այժմ շեշտը դնել վերականգնումի առնչուած ծրագիրներուն եւ այս ծիրէն ներս այնպիսի նախաձեռնութիւններու վրայ, որոնք կը նպաստեն տնտեսութեան զարգացման։ Հայրապետը յայտնեց, թէ վերջերս Հալէպ կատարած իր այցելութեան ընթացքին մօտէն տեղեակ դարձած է ժողովուրդի կարիքներուն եւ, հետեւաբար, անհրաժեշտ է օգտակար հանդիսանալ արհեստաւորներուն ու փոքր գործատեղիներ ունեցողներուն, որպէսզի անոնք կարենան հանգրուանային կերպով զարգացնել իրենց աշխատանքի ծիրը ու արդիւնաւէտութիւնը։ Ան նաեւ կարեւորութեամբ շեշտեց, որ վերականգնումի աշխատանքները պէտք է ըլլան աւելի ծրագրուած ու հետեւողական՝ առաջնահերթութիւններու յստակ ճշդումով։