Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ Կ’ԱՅՑԵԼԷ ԱԶՈՒՆԻԷԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԲՈՒԺԱՐԱՆԸ

         Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներուն նախօրեակին կատարած ազգային ընկերային ծառայութիւն մատուցող հաստատութիւններու այցելութիւնները շարունակելով, Երկուշաբթի, 29 Դեկտեմբեր 2014-ի առաւօտուն, այցելեց Ազունիէի Ազգային Բուժարանը, միաբան հայրերու ընկերակցութեամբ:

 

            Վեհափառ Հայրապետը նախ տեսակցութիւն ունեցաւ Ազգ. Բուժարանի խնամակալութեան, տնօրէնութեան եւ պատասխանատու բժիշկներուն հետ: Նորին Սրբութիւնը գնահատեց անոնց տարած ազգային ու մարդասիրական ծառայութիւնը եւ քաջալերեց, որ շարունակեն իրենց առաքելութիւնը:

 

            Ապա, Վեհափառ Հայրապետը հանդիպեցաւ հիւանդներուն ու պատսպարեալ ծերունիներուն հետ: Ան վստահեցուց պապիկներն ու մամիկները, որ իրենք զիրենք ապահով պէտք է զգան, որովհետեւ ազգը իրենց բոլոր բժշկական կարիքներուն կը հասնի: Նորին Սրբութիւնը նուէրներ բաշխելով օրհնեց զիրենք: Իսկ միաբան հայրերը Աստուածայայտնութեան նուիրուած շարականներու երգեցողութեամբ, Ս. Ծննդեան հոգեւոր պահ մը ստեղծեցին՝ մեր Տիրոջ եւ Փրկիչին աւետաբեր լոյսով ջերմացնելով ծերունիներուն հոգիները: