Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄՕՏ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ
Երեքշաբթի, 12 Դեկտեմբեր 2023-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեանը։ Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ քննարկումի ենթարկելու Արցախի բռնագրաւումէն ետք ստեղծուած կացութիւնը, Հայաստանի ներքին քաղաքական իրավիճակը եւ ընդհանրապէս Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեանց առնչուած խնդիրները ու մտահոգութիւնները։