Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՔՈՆԿՐԵՍԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՏԱՆ ԽՕՍՆԱԿ ՄԱՅՔ ՃՈՆՍԸՆԻ ՀԵՏ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ հովուապետական այցելութեան ընթացքին, ինչպէս նախապէս յայտնած էինք, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հրաւիրուած էր Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու Տան բացման նիստին աղօթքը կատարելու։ Աղօթքը խմբագրուած էր Հայրապետին կողմէ, ուր յիշուած էր, թէ «աւելի քան 100,000 հայորդիներ, որոնք վերջերս պարտադրաբար հեռացան Ղարաբաղէն՝ իրենց դարաւոր հայրենիքէն, կը դիմագրաւեն անորոշութիւն ու ահաւոր դժուարութիւններ»։   Յայտնենք, որ Քոնկրեսի…