ԼՈՅՍԻ ՇԱՒԻՂ ՀԱՅ ՄԱՅՐԵՐ

Խաչափայտին վրայ, հոգեվարքի պահուն, Փրկիչը խորիմաստ պատգամ մը կու տայ Իր չարչարակից մօր. «Ո՜վ կին, ահա քու որդիդ», եւ սիրելի աշակերտին՝ Յովհաննէսին.«Ահա՛ քու մայրդ»: (Յվհ. 19:26-27)   Աստուածաշնչական այս հաստատումը մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսին կողմէ պարգեւ մըն է. Ան Իր մայրը իբրեւ օգնական եւ շնորհք՝ կու տայ աշխարհին, շնորհք՝ մանաւանդ եկեղեցւոյ եւ այն հաւատացեալներուն, որոնք…