ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆԸ` ՏԻՊԱՐ ՄԱՅՐԸ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ԱՆՀԱՏԻՆ

Հայ եկեղեցւոյ շարականագիրէն կը լսուին սրբազան բառերը զօրեղ. «Առաքեալներ, սուրբեր տեսան Սուրբ Կոյսին օդին մէջ թռչիլը, ամպեղէն կառքով երկինք համբառնալը եւ երկնային խորաններու մէջ մտնելը իմաստուն կոյսերուն հետ. եւ անոնք միաձայն [սրբասացութեամբ] կ՚ըսէին՝ կիներուն մէջ բարեբանուած ես, ով ամէնօրհնեալ» (Շարական)։   Սուրբ Աստուածամօր վերափոխման խորհուրդին մէջ կը գտնուինք: Իւրաքանչիւր օր յատուկ առիթ մըն է մտածելու…