ԽՈՆԱՐՀՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՄԵԾՈՒԹԵԱՆ ՄԻԱԿ ԳՐԱՒԱԿԱՆԸ

Քրիստոնէութիւնը սիրոյ կրօնք է: Քրիստոնեան իր կեանքը պարտաւոր է ապրիլ Քրիստոսի պատուէրներուն համաձայն, եւ մեծագոյն պատուէրը, ինչպէս Քրիստոս Ինք կ՚ըսէ, սէրն է (Յհ 13.34): Պօղոս առաքեալ Կորնթացիներուն ուղղած իր առաջին նամակին մէջ շատ գեղեցիկ կերպով կը բնութագրէ, թէ ի՛նչ է ճշմարիտ սէրը: Ան կը նկարագրէ, թէ ինչպիսի՛ սիրով պէտք է լեցուած ըլլայ ճշմարիտ քրիստոնեային հոգին.…