ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ-ԻՍԼԱՄ ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏԵՐՈՒ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎ ՊԷՐՈՒԹԻ ՄԷՋ

Երեքշաբթի, 30 Յուլիս 2019-ին, Պէյրութի տիւրզի համայնքի կեդրոնատեղիին մէջ, ներկայութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին տեղի ունեցաւ քրիստոնեայ եւ իսլամ հոգեւոր պետերու համաժողով մը: Սոյն համաժողովին, Նորին Սրբութեան կողքին ներկայ էր նաեւ Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմեզեան:   Համաժողովին բացումը կատարելով տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասան, ան կարեւոր նկատեց ներկայ…