Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ «ՍՈՒՐԲ ՄԵՍՐՈՊ ՄԱՇՏՈՑ» ՇՔԱՆՇԱՆՈՎ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԵՑ ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏ ԳՐԻԳՈՐ ԱԿՈԲԵԱՆԸ

Երկուշաբթի, 29 Յուլիս 2019-ի երեկոյեան, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի Դպրեվանքի հանդիսասրահին մէջ, յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին, Վեհափառ Հայրապետը «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով պարգեւատրեց նկարչական արուեստին մէջ նուաճումներ արձանագրած Գրիգոր Ակոբեանը։   Այս առիթով արուեստագէտին տուած իր Սրբատառ Կոնդակին մէջ Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. «Հոգեկան ուրախութիւն է Մեզի համար լուսարձակի տակ բերել Ձեր անձն ու վաստակը, ընդհանրապէս…