Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՈՅԺԵՐ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ

Չորեքշաբթի, 24 Յուլիս 2019-ի երեկոյեան, Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Պէյրութի Լիբանանեան Ոյժեր կուսակցութեան վարչութիւնը։ Այցելութեան նպատակն էր փոխանցել կուսակցութեան ղեկավար Տոքթ. Սամիր Ժահժահին ողջոյններն ու յարգանքը հայ համայնքին նկատմամբ, ինչպէս նաեւ Նորին Սրբութիւնը տեղեակ պահել վերջին շրջանին երկրէն ներս տեղի ունեցող զարգացումներուն շուրջ եւ պարզել կուսակցութեան տեսակէտը։   Հանդիպումը առիթ մը եղաւ նաեւ ընդհանուր արժեւորումի ենթարկելու…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ Կ’ՈՂՋՈՒՆԷ ՍՈՒՐԲ ԹԱԴԷԻ ԵՒ ՍՈՒՐԲ ՍՏԵՓԱՆՈՍ ՎԱՆՔԵՐՈՒ (ՊԱՐՍԿԱՍՏԱՆ) ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆԸ

Պարսկաստանի Ատրպատական նահանգին մէջ հաստատուած Ս. Թադէի Վանքը իր դարաւոր անցեալով եղած է հայ ժողովուրդի ճառագայթող հոգեւոր կեդրոններէն մէկը: Ամէն տարի Յուլիս ամսուան վերջերը ուխտագնացութիւններ տեղի կ’ունենան՝ մասնակցութեամբ մեր ժողովուրդի բազմահազար զաւակներուն:   Այս առիթով Թեմի Առաջնորդ սրբազանին՝ Գերշ. Տ. Գրիգոր Եպս. Չիֆթճեանին ճամբով ուխտաւոր ժողովուրդին ուղղած իր հայրապետական օրհնութեան գիրին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը կ’ըսէ.…