«ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՄԼՈՅ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԸ ՊԷՏՔ Է ՎԵՐԱԾՈՒԻ ՄՆԱՅՈՒՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑՔԻ» ՇԵՇՏԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Այս առաւօտ, Ուրուկուէյի հայկական ռատիօժամին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին Վեհափառ Հայրապետը անդրադառնալով վերջերս Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի ունեցած Հայ Մամուլի Համահայկական Համագումարին, կոչ ուղղեց մամլոյ մշակներուն համագումարը վերածել մնայուն գործընթացքի: Ան ըսաւ, որ որեւէ համագումար (ինչպէս որեւէ յեղափոխութիւն), իր լիարատ իմաստը կը ստանայ ու նպատակը կ’իրագործէ երբ վերածուի գործընթացքի: Այլ խօսքով, յստակ ծրագիրներ մշակելու ու…