Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ

Ուրբաթ, 19 Յուլիս 2019-ին, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքին մէջ Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչ Տոքթ. Աւետիս Տաքէսեանին:   Հանդիպումը առիթ մը հանդիսացաւ խորհրդակցելու ընդհանրապէս Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեան ու յատկապէս կուսակցութեան առնչուած հարցերուն մասին: Տոքթ. Տաքէսեան, յանուն կեդրոնական վարչութեան, Նորին Սրբութեան պարզեց կուսակցութեան վերջին ընդհանուր ժողովին առած որոշումները, ինչպէս նաեւ կուսակցութեան յառաջիկայ…