«ՀԱՅ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒ ՏԱՐԱԾՈՒՄԸ ԻՒՐԱՔԱՆՉԻՒՐ ՀԱՅՈՒ ԱԶԳԱՆՈՒԷՐ ՊԱՐՏԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ ՊԷՏՔ Է ԴԱՌՆԱՅ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Երկուշաբթի, 15 Յուլիս 2019-ին, Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ, ողջունեց այցելութիւնը խումբ մը արուեստագիտուհիներու, որոնք Հայաստանէն եկած էին «Հմայիչ Հայաստանը Պիքֆայայի Մէջ» թեմայով հայ ժողովուրդի մշակութային արժէքները ներկայացնելու շրջանի ժողովուրդին։   «Մշակոյթը ժողովուրդի մը ինքնութեան ու ինքնահասկացողութեան շօշափելի արտայայտութիւններէն մէկն է։ Ան զօրեղ գործօն է ո՛չ միայն ժողովուրդի ինքնութեան պահպանման, այլ…