ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ «ԿԻԼԻԿԻԱ» ԹԱՆԳԱՐԱՆԻ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒԹԻՒՆ

Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» թանգարանի վերանորոգութեան աշխատանքները արդէն ընթացք առին։ Արդարեւ, 1996 թուականին բացուած «Կիլիկիա» թանգարանի վերանորոգութիւնը դարձած էր հրամայական՝ մէկ կողմէ նկատի ունենալով ներքին փոփոխութիւններու ու նորոգութիւններու, եւ միւս կողէն նոր ստացուած իրերու դասաւորման անհրաժեշտութիւնը։   Ընդառաջելով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին փափաքին, վերանորոգութեան աշխատանքներուն բարերարութիւնը ստանձնած է Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի Ազգային Վարչութեան ատենապետ Կարօ…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ «ՇՆՈՐՀԱԼԻ» ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԸ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳ ԹԱՓՈՎ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԻՐ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Երեքշաբթի, 9 Յուլիս 2019-ին, ընդունելով վարչութիւնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքի աւելի քան 45 տարիներու ծառայութիւն ունեցող «ՇՆՈՐՀԱԼԻ» երգչախումբին, Վեհափառ Հայրապետը իր ջերմ գնահատանքը յայտնեց երգչախումբին ծաւալած հոգեւոր ու մշակութային առաքելութեան։ Ան յատկապէս ողջունեց երգչախումբի ներկայ խմբավար Հոգշ. Տ. Զաւէն Աբղ. Նաճարեանին կողմէ կատարուող հետեւողական աշխատանքը, խումբին որակին ու քանակին ապահովման գծով։   Այսօր…