ՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԻ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԷՆ ՅԵՏՈՅ

Սոյն յօդուածը խտացումն է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի եզրափակիչ պատգամին, արտասանուած հայ մամուլի տարուան առթիւ Կաթողիկոսարանէն ներս կազմակերպուած համագումարի փակման նիստին, 4 Յուլիս, 2019-ին   Հայ մամուլին նուիրուած համահայկական համագումարը իր աւարտին հասաւ։ Արդարեւ, քննարկուած նիւթերը այնքա՜ն բազմազան էին ու այլազան, արծարծուած խնդիրները այնքա՜ն այժմէական էին ու հրատապ, հայ մամուլին դիմագրաւած մտահոգութիւններն ու մարտահրաւէրները այնքա՜ն…

ՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԻ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ — ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետին կողմէ հայ մամուլի տարուան հռչակման առիթով կազմակերպուած Համահայկական համաժողովը տեղի ունեցաւ 2-4 Յուլիս 2019-ին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ, նախագահութեամբ ու ներկայութեամբ Վեհափառ Հայրապետին։   Համաժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի զանազան երկիրներու մէջ գործող տպագիր եւ ելեկտրոնային մամուլի շուրջ 100 տնօրէններ, գլխաւոր խմբագիրներ եւ մամուլի գործիչներ։   Նորին Սրբութեան…