«ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԱԹՈՌԸ ԱՅՍՕՐ ԻՐ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՄԲ ԱՌԱՆՑՔԱՅԻՆ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԻՒՆ Է ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ԿԵԱՆՔԻՆ ՄԷՋ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Կիրակի, 30 Յունիս 2019-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուած Ս. եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին տեղի ունեցաւ Հայրապետական Մաղթանք՝ Ս. Աթոռոյս Գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին ընտրութեան եւ օծման 24-րդ տարեդարձին առիթով։ Հայրապետական Մաղթանքի ընթացքին Միաբան Հայրեր աւետարանական հատուածներու եւ աղօթքներու ու շարականներու ընդմէջէն աղօթեցին  Վեհափառ Հայրապետին արեւշատութեան, առողջութեան եւ երկար գահակալութեան…