Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԶԱՒԱՐԵԱՆ ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ

Շաբաթ, 18 Մայիս 2019-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Զաւարեան Ուսանողական Միութեան անդամներուն, որոնք եկած էին Նորին Սրբութեան հայրական խօսքերը ունկնդրելու եւ իր օրհնութիւնը ստանալու։   Հանդիպման սկիզբը խօսք առնելով Միութեան ատենապետ Մհեր Գաւլաքեան, շնորհակալութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին, որ ընդառաջելով իրենց փափաքին՝ առիթ ընծայեց այցելելու Անթիլիասի Մայրավանք, լսելու իր հայրական յորդորները եւ…