«ՄԵՆՔ ԲՈԼՈՐՍ ՀԱՅ ԴՊՐՈՑԻՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ԱՍՏԻՃԱՆԻ ՆԱԽԱՆՁԱԽՆԴՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆ ՊԷՏՔ Է ՈՒՆԵՆԱՆՔ» Պատգամեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Առնուած «Ազդակ» Օրաթերթէն   Լիբանանահայութեան պատմութեան էջերուն վրայ ոսկեայ տառերով յաղթանակ մը արձանագրուեցաւ: Յաղթանակ մը, որ կը մարմնաւորէ անցեալէն եկած եւ մինչեւ 21-րդ դար հասած հայ ժողովուրդի քաղաքակրթութեան ձգտումը: Երէկ երեկոյեան պանծալի ու հիասքանչ մթնոլորտի մը մէջ կեանքի կոչուեցաւ լոյսի ու գիտութեան շքեղ կառոյց մը, որ շուտով պիտի դառնայ լիբանանահայութեան միջնաբերդը, հոգիի ու միտքի դարբնոցը…