28 December, 2023

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ՀՈԳԵԼՈՅՍ Տ. ՍՈՒՐԷՆ ԱՐՔ. ԳԱԹԱՐՈՅԵԱՆԻ ԹԱՂՄԱՆ ԿԱՐԳԸ

17 Դեկտեմբեր 2023-ին, Մոնթրէալի (Գանատա) մէջ ի տէր հանգաւ Տ. Սուրէն Արք. Գաթարոյեան, մեր ժողովուրդի զաւակներուն երկարամեայ ծառայութիւն մատուցելէ ետք։

 

Սուրէն Արք. Գաթարոյեանի Տան Կարգն ու Վերջին Օծումը կատարուեցաւ Մոնթրէալի Ս. Յակոբ մայր եկեղեցւոյ մէջ, 21 Դեկտեմբեր 2023-ին, օրհնութեամբ Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ նախագահութեամբ ու ձեռամբ Գանատայի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի։ Այս առիթով ընթերցուեցաւ Վեհափառ Հայրապետին ցաւակցագիրը, ուր Նորին Սրբութիւնը յատկապէս կ՚ըսէր. «Տիպար հոգեւորական մը եղաւ ու մնաց Սուրէն սրբազան իր հոգեւորական կեանքի բոլոր տարիներուն ու բոլոր պայմաններուն մէջ։ Այս պարզ, բայց խորիմաստ վկայութեամբ կարելի է բնութագրել հանգուցեալ սրբազանին կեանքն ու ծառայութիւնը։ […] Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նկատմամբ իր ունեցած անխախտ հաւատարմութիւնը մղիչ ոյժը հանդիսացաւ իր ծառայութեան՝ Անթիլիասէն մինչեւ Սուրիա ու Գանատա։ Մեր եկեղեցւոյ ծէսին ու աւանդութիւններուն անվթար պահպանումը յատուկ տեղ գրաւեց սրբազանին կեանքին մէջ։ Այս ուղղութեամբ ան խօսեցաւ ու գրեց եւ հակառակ իր առողջական փխրուն վիճակին, օրինակելի նուիրումով ծառայեց մեր ժողովուրդին՝ մինչեւ իր երկրաւոր կեանքին վերջին օրը»։

 

Նկատի ունենալով, որ ննջեցեալ Սուրէն սրբազանին փափաքն էր հանգչիլ Անթիլիասի Մայրավանքի միաբանական դամբարանին մէջ, իր վախճանեալ միաբանակից եղբայրներուն կողքին, ուստի, Թաղման Կարգը կատարուեցաւ Մայրավանքին մէջ, 27 Դեկտեմբեր 2023-ի առաւօտուն։

 

Արդարեւ, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, «Զարեհեան» միաբանական դամբարանին մէջ, Կիլիկեան Ուխտի միաբան հայրեր կատարեցին Գերեզմանի Կարգի շարականներու երգեցողութիւնը եւ աղօթասացութիւնը։ Հանգուցեալ սրբազան հօր դագաղը պարուրուեցաւ քարոզասացութիւններով, աւետարանական ընթերցումներով եւ սաղմոսերգութիւններով։ Արարողութեան ընթացքին, Վեհափառ Հայրապետը կատարեց հողի օրհնութիւնը՝ աղօթելով. «օրհնեա, Տէր, ողորմութեամբ քով զհողս ծառայիս Քո այսորիկ, եւ յիշեա զսա զի հող էր եւ անդրէն ի հող դարձաւ ըստ հրամանի քում»։

 

Թաղման Կարգի աւարտին, միաբան հայրեր միաձայնութեամբ երգեցին «Հայր մեր»ը եւ «Կիլիկիա» օրհներգը։ Ապա, Նորին Սրբութիւնը Վեհարանի դահլիճին մէջ ցաւակցութիւններ ընդունեց։

 

Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի։