ՅԱՏՈՒԿ ԽՆԱՄՔԻ ԿԱՐՕՏԵԱԼՆԵՐՈՒ «ԶՈՒԱՐԹՆՈՑ» ԿԵԴՐՈՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Երեքշաբթի, 26 Դեկտեմբեր 2023-ի առաւօտուն, նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօնակատարութիւններու ծիրին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց յատուկ խնամքի կարօտ «Զուարթնոց» կեդրոնի աշակերտները, գլխաւորութեամբ կեդրոնի տնօրէնուհի Վարդինէ Օհանեանի։

 

Մայրավանք ժամանելով՝ աշակերտները Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ հակիրճ աղօթքի պահ ունեցան եւ ստացան Ս. Հաղորդութիւն։ Ապա, Կաթողիկոսարանի պարտէզին մէջ անոնք մտերմիկ հանդիպում ունեցան Վեհափառ Հայրապետին հետ, որմէ ետք Հայրապետին ներկայացուցին իրենց սորված երգերն ու արտասանութիւնները։ Հաստատութեան տնօրէնին երախտիքի խօսքէն ետք, Նորին Սրբութիւնն ու փոքրիկները միասնաբար հատեցին նոր տարուան կարկանդակը, եւ այս առիթով, յանուն «Զուարթնոց»ի մեծ ընտանիքին, տնօրէնուհին Հայրապետին նուիրեց յուշանուէր մը։

 

Աւարտին, Նորին Ս. Օծութիւնը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց ի տես կեդրոնին տարած յոյժ կարեւոր աշխատանքին ու փոքրիկներուն նկատմամբ տածած խնամքին ու հոգատարութեան եւ աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որ երկնային օրհնութիւններով լեցնէ կեդրոնը, պահպանէ անոր բնակիչները, տնօրէնութիւնը, բժշկական կազմը եւ պաշտօնէութիւնը եւ նոր տարուան ու Ս. Ծննդեան բարեմաղթութիւններով յաջողութիւն, ոյժ եւ կորով մաղթեց «Զուարթնոց» հաստատութեան յառաջիկայ տարուան աշխատանքներուն։