ԿԱՐԳ ՈՏՆԼՈՒԱՅԻ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

«ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՍԻՐՈՅ ՊԱՏԳԱՄԸ ՊԷՏՔ Է ԿԵՆՍԱԳՈՐԾԵԼ ՄԵՐ ԱՆՀԱՏԱԿԱՆ ԹԷ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ»

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

 

Նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Աւագ Հինգշաբթի, 18 Ապրիլ 2019-ի յետմիջօրէին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Ոտնլուայի արարողութիւն, որ յիշատակութիւնն է Քրիստոսի աշակերտներուն ոտքը լուալուն եւ կը պարունակէ խոնարհութեան ու սիրով ծառայութեան պատգամը։

 

Հետեւելով Մեծ Վարդապետին օրինակին, Նորին Սրբութիւնը ղենջակ կապած ծունկի գալով լուաց Յիսուսի տասներկու աշակերտները խորհրդանշող միաբան հայրերուն եւ Դպրեվանքի սանեորւն ոտքերը։ Այս խորհրդալից արարողութենէն ետք, ան հաւատացեալներուն ուղղեց իր Հայրապետական պատգամը։

 

Լուսարձակի տակ առնելով սիրոյ քրիստոնէական բնորոշումը, Վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց, որ այս սէրը սովորական եւ զգացական չէ, այլ հաւատացեալին կեանքին մղիչ ոյժն է. «Սէրը պէտք է ունենայ իր ընթացքն ու մանաւանդ նպատակը, որովհետեւ քրիստոնէական հաւատքին ծնունդը սիրոյ վրայ հիմնուած է։ Աստուածաշունչի իւրաքանչիւր բառ սէ՛ր կը ճառագայթէ, իսկ Աստուած իր էութեամբ սէր է» ըսաւ ան ու շարունակեց, թէ Աստուծոյ Որդւոյն մարդեղացումը աստուածային սիրոյ շօշափելի արտայայտութիւններէն մէկն է։ «Այսօրուան արարողութիւնը անգամ մը եւս կու գայ յիշեցնելու մեզի, թէ որքան հրամայական է սէրը ընդհանրապէս մարդուն եւ յատկապէս քրիստոնեային կեանքին մէջ» ընդգծեց ան։

 

Նորին Սրբութիւնը ապա խօսեցաւ սիրոյ մասին՝ մեկնելով աստուածաբանական դիտանկիւնէն ու յայտնեց, որ սէրը իր մէջ կը պարփակէ խոնարհութիւն ու ծառայութիւն՝ հեռու ամբարտաւանութենէ, ու աւելցուց, որ «Խոնարհութիւնը չշփոթենք միամտութեան, պարզամտութեան կամ նոյնիսկ հեղինակութեան հետ։ Քրիստոս Իր իշխանութիւնն ու հեղինակութիւնը կերտեց խորնարհութեամբ»։ Հայրապետը աւելցուց, որ սէրը առանց ծառայութեան ոչինչ է, որովհետեւ ինչպէս Աստուած Իր Միածին Որդին աշխարհ ղրկեց խոնարհութեամբ ծառայելու մարդուն, նոյնպէս ալ մենք Աստուծոյ մեզի պարգեւած շնորհները պարտինք ծառայեցնել մեր եկեղեցւոյ, ազգին, ընտանիքին ու ընկերութեան։

 

Վեհափառ Հայրապետը պատգամը եզրափակեց հրաւիրելով հաւատացեալները հետեւելու Քրիստոսի պատգամին՝ ըլլալ խոնարհ, սիրով ծառայել՝ որպէս մեր ճշմարիտ սիրոյ շօշափելի արտայատութիւն։

 

Նշենք, որ Աւագ Հինգշաբթի առաւօտուն Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Կարգ Ապաշխարողաց եւ Հաղորդութեան Ս. Պատարագ, իսկ ուշ երեկոյեան՝ Կարգ չարչարանաց, որուն ընթացքին հոգեպարար արարողութեան պատգամը փոխանցեց Մայր Տաճարի լուսարարապետ Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեանը։